image

Շատ կարեւոր է հասկնալ ներկայ իրավիճակը. Ատամ Շիֆ

Շատ կարեւոր է հասկնալ ներկայ իրավիճակը. Ատամ Շիֆ

Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսական, Ներկայացուցիչներու պալատի դեմոկրատ անդամ Ատամ Շիֆ իր դիմատետրեան էջով հրապարակում կատարած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ:

Ան մասնաւորապէս գրած է. «Չնայած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հրադադարի համաձայնութեան, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի սադրուած եւ շարունակուող յարձակողականը կը նշանակէ, որ հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ դեռ կ'ապրին վախի մէջ եւ սպառնալիքը կը մնայ անտանելի բարձր:

Շատ կարեւոր է, որ մենք մանրակրկիտ հասկնանք ներկայ իրավիճակը եւ ուշադիր տեսնենք բոլոր հնարաւոր սպառնալիքները, որպէսզի աւելի լաւ պատրաստ ըլլանք ապագայ մահացու հակամարտութիւնները կանխելուն: 

Ահա թէ ինչու Ներկայացուցիչներու պալատի հետախուզութեան հարցերով յանձնաժողովը, իմ եւ քոնկրէսական Ճէքի Սփիերի ջանքերով, 2022-ի հետախուզութեան մասին օրէնքին մէջ ներառած է միջոց մը, որ չդասակարգուած զեկոյց կը պահանջէ Հարաւային Կովկասի մէջ, ներառեալ Ատրպէյճանը, Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը, ապագայ ռազմական գործողութիւններու հաւանականութեան վերաբերեալ: Մենք պէտք է օգտագործենք մեր տրամադրութեան տակ եղած իւրաքանչիւր գործիք`ապահովելու Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին համար խաղաղութեան պահպանումը»: