image

Սէյրան Օհանեան. «Եթէ այս իշխանութիւնները մնան, նոր ցեղասպանութիւն կը սպառնայ»

Սէյրան Օհանեան. «Եթէ  այս իշխանութիւնները մնան,  նոր ցեղասպանութիւն կը սպառնայ»

Այսօրուայ իրավիճակը շատ բարդ է եւ այսօրուայ իշխանութիւններու առկայութեան պարագային մենք Հայաստանն ու Արցախը կը տանինք ինքնիշխանութեան գահավիժում։ Այս մասին Ապրիլ 5-ի հանրահաւաքի իրազեկման հաւաքի ընթացքին ըսած է ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Սէյրան Օհանեան։

«Մեզ համար ցաւ է, որ պատերազմում չկարողացանք հասնել յաջողութեան. երկրի ամբողջ ներուժը չմոբիլիզացուեց` Արցախն ու ՀՀ-ն պաշտպանելու համար: Ցաւ է, որ պարտութիւնների շարունակութիւն գոյութիւն ունի. հակառակորդը շարունակում է ճնշումները»,- աւելցուցած է Օհանեան: 

Ան նշած է, որ մեզի նոր ցեղասպանութիւն կը սպասուի, ուստի պարտաւոր ենք ներկայ ըլլալ հանրահաւաքին, որպէսզի առաջ քաշենք մեր պայմանները: