image

Սերոբ Տէլիֆէր. Ֆրանսատառ թերթի ամենատարեց ընթեցրցող հայորդին

   Սերոբ Տէլիֆէր.  Ֆրանսատառ թերթի ամենատարեց  ընթեցրցող հայորդին

«Լորիան Լը Ժուր» (L'Orient-Le Jour) լիբանանեան ֆրանսալեզու, օրաթերթի, 27 Յունիս, 2022-ի թիւին մէջ, յօդուածագիր Գարոլին Հայէք կը գրէ, թէ 28 Ապրիլին, «Լորիան Լը Ժուր» տեղեկացաւ թերթին «ամենահին» բաժանորդ՝ լիբանանահայ Սերոբ Տէլիֆէրին մահուան մասին։ Ան կը պատրաստուէր նշելու ծննդեան 100-ամեակը, սակայն 99 տարեկանին մահացաւ։ Անոր կինը՝ հալէպահայ Էվլինը, իր ամուսինին հետ կիսած է ամբողջ կեանք մը՝ 72 տարի։ Զոյգը ունեցած է երեք երախայ եւ եօթը թոռ, որոնք սփռուած են աշխարհով մէկ։

8 Յուլիս 1924-ին, երբ  Պէյրութեան  տպարանի  մը մէջ լոյս կը տեսնէր «Լորիան Լը Ժուր»-ի առաջին թիւը, Սերոբ Տէլիֆէր, Ցեղասպանութեան հետեւանքով, ընտանիքին հետ, չորս տարեկանին Կիլիկիայէն կը գաղթէր Լիբանան, որ պիտի դառնար իր նոր հայրենիքը։ Սերոբ Տէլիֆէրի ընտանիքի անդամները Կիլիկիոյ մէջ հարուստ հողատէրեր էին։ Ան՝ Լիբանանի մէջ տարբեր աշխատանքներով զբաղելէ ետք, դարձած է նաւաստի։

Սերոբ Տէլիֆէրը, 99 տարեկանին չէր կորսնցուցած իր սրամտութիւնն ու իր կեանքէն դրուագներ պատմելու շնորհը։ Ան Պրումմանա շրջանի իր շքեղ բնակարանի հիւրասենեակին մէջ կ՚ընդունէր ընտանիքի անդամներն ու բարեկամները եւ իր ճամբորդութիւններէն յիշողութիւններ կը պատմէր անոնց։

 

Յօդուածը լայն տեղ տուած է Սերոպ Տէլիֆէրի կեանքին ու գործունէութեան։ Աւարտին նշած է, թէ ինչպէս Տէլիֆէրը երախտապարտ էր Լիբանանին, որ իրեն տուած էր «լաւագոյնը»։  Ան ապրած էր Լիբանանի տարբեր հանգրուանները եւ հաւատք ու սէր ունէր   Մայրիներու  երկրին հանդէպ: «Ես խորապէս կը սիրեմ այս երկիրը՝ իմ երկիրը։ Չնայած թէ ան շատ բաներէ անցած է, սակայն միշտ ոտքի կանգնած ու շարունակած է վերելք ապրիլ»,- ըսած է Տէլիֆէր։

 

 

Նիւթը  «Արեւելք»ի  համար ֆրանսերէնէ  թարգմանեց՝ Ն. Տաղլեան