image

ՍԴՀԿ Լիբանանի մարմինը ունի նոր ատենապետ՝ Վանիկ Տագէսեան

 ՍԴՀԿ Լիբանանի մարմինը ունի նոր ատենապետ՝ Վանիկ Տագէսեան

Պէյրութի «Արեւելք»ի աղբիւրը կը հաղորդէ, որ օրերս տեղի ունեցած է կուսակցութեան Լիբանանի մարմնի գլխաւոր ժողովը, որուն աւարտին ալ ժողովականները ընտրած են նոր Շրջանային Վարչութիւն։

Մարմինը պիտի գլխաւորէ կուսակցութեան երիտասարդ եւ աշխոյժ անդամներէն՝ Վանիկ Տագէսեան, իր կողքին ունենալով անցնող տարիներուն նոյն մարմնին մէջ տարբեր պաշտօններ զբաղեցուցած անդամներ։ 

Ուշագրաւն այն է, որ Լիբանանահայ աւանդական կուսակցութիւններուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցող ՍԴՀԿ-ն առաջին անգամ ըլլալով կ՚ընտէ բաւական երիտասարդ գործիչ մը, որ պիտի վարէ կուսակցութիւնը առաջնորդողի հիմնարար դերը։ 

Ինչպէս մեր ընթերցողները քաջատեղեակ են, որ Լիբանան կ՚անցնի բաւականին դժուարին պայմաններէ եւ թարմ ուժերու ասպարէզին մէջ ըլլալու հանգամանքը տարբեր առումներով ալ կը համարուի խրախուսիչ։

Յաջողութիւն կը մաղթենք երիտասարդ գործիչին եւ անոր գորընկերներուն։