image

ՍԴ-ն կը քննէ սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգի սահմանադրականութեան հարցը

ՍԴ-ն կը քննէ սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգի սահմանադրականութեան հարցը

Սահմանադրական դատարանը գրաւոր ընթացակարգով կը քննէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան կանոնակարգի համապատասխանոթիւնը Սահմանադրութեան:

Կանոնակարգի օրէնքի նախագիծը կառավարութիւնը չզեկուցուող հարցերու փաթեթով հաստատած է սեպտեմբեր 5-ին: Մինչեւ Ազգային ժողովի մէջ կը մեկնարկի նախագիծի վաւերացման ընթացակարգը, այն ուղարկուած է Սահմանադրական դատարան:

Նիստի մեկնարկէն առաջ ՍԴ նախագահ Արման Դիլանեանը լրագրողներու հետ զրոյցին ընդգծած է, որ բարձր դատարանն իր խօսքը կ՚ըսէ` արդեօք կանոնակարգը կը հակասէ ՀՀ Սահմանադրութեան, թէ ոչ։

«Եթէ խնդիր տեսանք, մի կասկածէք` խնդիրը կարձանագրուի, եթէ խնդիր չտեսանք, էլի մի կասկածէք` կ՚ասենք` խնդիր չկար այդ փաստաթղթում»,– ՍԴ–ի մէջ սահմանազատման կանոնակարգի սահմանադրականութիւնը քննարկելէ առաջ լրագրողներուն վստահեցուցած է Արման Դիլանեանը։

Յիշեցնենք, ըստ երկու երկրի սահմանազատման յանձնաժողովներու՝ ապրիլ 19-ի 8-րդ հանդիպման արձանագրութեան, յանձնաժողովներն աւարտած են համատեղ գործունէութեան կանոնակարգի համաձայնեցման աշխատանքը: Կանոնակարգը ստորագրուած է օգոստոս 30-ին եւ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը սկսած են ներպետական ընթացակարգերը: