image

ՀՀ նախագահը ստորագրած է սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգը վաւերացնելու մասին օրէնքը

ՀՀ նախագահը ստորագրած է սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգը վաւերացնելու մասին օրէնքը

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը հոկտեմբեր 24-ին ստորագրած է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ու Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին» կանոնակարգը վաւերացնելու մասին» օրէնքը:

Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը։

Կանոնակարգի օրէնքի նախագիծը Կառավարութիւնը հաստատած էր սեպտեմբեր 5-ին:

Կանոնակարգը ստորագրուած էր օգոստոս 30-ին:

Աւելի վաղ յայտնած էինք՝ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուած էր Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ  գործունէութեան մասին կանոնակարգը վաւերացնելու մասին օրէնքի նախագիծին, այնուհետեւ Ազգային Ժողովը վաւերացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգը: