Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման հանձնաժողովները, որոնք կը գլխաւորեն փոխվարչապետեր Մհեր Գրիգորեանն ու Շահին Մուսթաֆաեւը, առաջիկային նոր հանդիպում պիտի ունենան, ճիշդ թուականը դեռ յայտնի չէ, յայտնած են Գրիգորեանի գրասենեակէն:
Յիշեցնենք, որ երէկ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը տեղի լրատուամիջոցներուն յայտնած էր, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յունուարին։