Կալանաւորուած գործարար Սամուէլ Կարապետեանին նոր մեղադրանք ներկայացուած է՝ փողերու լուացում։ Այս մասին յայտնած է Կարապետեանի պաշտպանութեան խորհուրդը։
«Օրերս ներկայացուել է «մի քանի ընկերութիւնների գործունէութեան հետեւանքով փողերի լուացման» ակնյայտ անհիմն նոր մեղադրանք՝ առանց որեւէ տուեալի: Ակնյայտ է, որ Հայաստանում վերջին շրջանում «փողերի լուացումը» վերածուել է ամենատարածուած մեղադրանքի եւ պարբերաբար կիրառւում է բացառապէս քաղաքական հաշուեյարդարի համատեքստում»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Կարապետեանի պաշտպանութեան խորհուրդն աննախադէպ կը համարէ, որ Սամուէլ Կարապետեանի որեւէ գործողութիւն, որ ինչ-որ կերպ կրնայ առնչուիլ մեղսագրուող արարքի հետ, ընդհանրապէս առկայ չէ։
«Ստացւում է, որ մեղադրանք է ներկայացուել որեւէ ուղիղ կամ անուղղակի մասնակցութեան, ենթադրեալ միջոցները թաքցնելու կամ խեղաթիւրելու հետ կապուած որեւէ իրողութեան բացակայութեան պայմաններում: Ուշագրաւ է, որ մեղադրանքում նկարագրուած գործողութիւններում չի նշուել կառավարչական բնոյթի որեւէ որոշում, գոյքի հետ որեւէ առնչութիւն»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Յունիս 18-ին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանը որոշում կայացուցած է Սամուէլ Կարապետեանը կալանաւորել երկու ամիսով։ Անոր մեղադրանք ներկայացուած է իշխանութիւնը զաւթելու հրապարակային կոչերու համար: