Սամուէլ Ալեքսանեանի հետ փոխկապակցուած «Ալեքս Տեքստիլ» ընկերութեան մէջ խուզարկութիւն կ'իրականացուի: Այս մասին ըսած է ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահի մամուլի քարտուղար Գոռ Աբրահամեան։
Վերջինս նշած է, որ խուզարկութիւնը կ'իրականացուի նախաձեռնուած քրէական վարոյթի ծիրէն ներս:
Աբրահամեան մանրամասնութիւնները չէ յայտնած, այլ նշած, որ աւելի ուշ հանդէս պիտի գան պաշտօնական հաղորդագրութեամբ։
Լուրը՝ Tert.am-էն