Իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հոկտեմբեր 23-ին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Արման Սարգսեանը:
«Սահմանին իրավիճակն այս պահին յարաբերականօրէն կայուն է»,- ըսած է փոխնախարարը:
Իսկ ինչ վերաբերի ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի Ֆրանսա կատարած այցին՝ Սարգսեանը վստահեցուցած է, որ պաշտպանութեան նախարարի այցի շրջածիրէն ներս քննարկումներու արդիւնքներու վերաբերեալ համապատասխան տեղեկատւութիւն կը տրամադրեն: