Կառավարութիւնը խորհրդարանի վաւերացման ուղարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան կանոնակարգի նախագիծը:
Սահմանադրական դատարանի սեպտեմբեր 26-ի որոշումով սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւնները կը համապատասխանեն Սահմանադրութեան:
Կանոնակարգի օրէնքի նախագիծը կառավարութիւնը հաստատած էր սեպտեմբեր 5-ին: Կանոնակարգը ստորագրուած է օգոստոս 30-ին:
Ազգային Ժողովէն ներս նախագիծի քննարկման Կառավարութեան ներկայացուցիչ նշանակուած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը: