Սահմանադրութեան բնագրին մէջ որոշ դրոյթներ արդէն մշակուած են, եւ այս ամսուայ վերջ կամ միւս ամսուայ սկիզբ տեղի պիտի ունենայ խորհուրդի նիստ եւ ատոնք պիտի ներկայացուին խորհուրդի անդամներուն։ Այս մասին այսօր ԱԺ-ի մէջ լրագրողներուն յայտնած է արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանը։
«Մինչ այդ որեւէ փակագիծ չեմ կարող բացել։ Դեռ կը քննարկենք նիստն ուղիղ հեռարձակուելու է, թէ ոչ։ Երկու դէպքում էլ հանրութիւնը տեղեակ կը լինի, թէ ինչ է քննարկուել եւ ինչ որոշումներ են ընդունուել այդ նիստում»,- ըսած է նախարարը։
Գալեանը նաեւ յայտնած է, որ դեռ որոշում չկայ՝ արդեօք Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ ամրագրուած Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրի յղումը պիտի հանուի՞ նոր Սահմանադրութենէն, թէ ոչ։
Փետրուար 19-ին Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է երկրի մէջ նոր սահմանադրութիւն ընդունելու անհրաժեշտութեան մասին։