image
Հրատապ լուրեր:

«Սա իմ երեխեքի հողն է, չեմ լքելու Արցախը».Անդրանիկ Չաւուշեան

«Սա իմ երեխեքի հողն է, չեմ լքելու Արցախը».Անդրանիկ Չաւուշեան

Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղին մէջ կեանքը կ'ընթանայ բնականոն ռիթմով, բնաիչներու մօտ խուճապ չկայ: Արցախի Հանրային հեռուտաընկերութեան պատրաստած տեսանիւթին մէջ Աղաւնոյի գիւղապետը հպարտութեամբ կը պատմէ յետպատերազմեան շրջանին ձեռք բերած յաջողութիւններու մասին:

«Դպրոցը, դահլիճը եւ բուժկէտը վերանորոգեցինք, գիւղապետարանի շէնքի տանիքն էլ է վերանորոգուել, ֆութպոլի դաշտը՝ բարեկարգուել»,- նշած է ան:

Բնակիչները կը կարծեն, որ գիւղը լքելով հարցը չի լուծուիր, քանի որ թշնամին անկէ ետք ալ պիտի շարունակէ այլ բնակավայրեր պահանջել:

Գիւղի բնակչուհի Նարինէ Ռասոյեանը նոյնպէս միտք չունի գիւղը լքելու, աւելին` շուտով որդին բանակ պիտի ճանապարհէ:

«Որպէս ինչ լքեմ Արցախը, չունեմ լքելու, քանի որ սա իմ երեխեքի հողն է»,-ըսած է ան:

Գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանը կը պնդէ` գիւղը լքելու ոչ մէկ պաշտօնական առաջարկ կամ խօսակցութիւն եղած է, միայն խօսակցութիւններ լսած են:

 

Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթին մէջ: