Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցած է, Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ներկայ գտնուած է նաեւ Յոյն Ուղղափառ համայնքէն Փոլիքարպոս քահանայ հայրը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հայ Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին տօնը կը յիշատակուի յիսնակի երրորդ Կիրակի օրուան յաջորդող Շաբաթ օրը:
Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Ազգ. Կրօնական Ժողովին, Ս. Յակոբի եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, 8 Դեկտեմբեր 2025-էն սկսեալ, օրական դրութեամբ հսկումի ժամերգութիւն եւ քարոզխօսութիւն կատարուեցան, Թեմի հոգեւորականաց դասուն կատարողութեամբ:
Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց, Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Յոյն Ուղղափառ համայնքէն Փոլիքարպոս քահանայ հայրը։
Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա.Քհնյ. Արապաթլեան եւ Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան: Սուրբ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Թեմի «Շողակաթ» երգչախումբը:
Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանն էր առաքելական նամակի հետեւեալ հատուածը (Եբր 13.17-21)։ Ան անդրադառնալով Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի վարքին, դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի առաքելութիւնը կ՚ենթադրէ հոգեւոր պայքար, հալածանք, տագնապ եւ զոհողութիւն, որոնց դէմ կուրծք պարզելու համար անհրաժեշտ է հոգեւոր եւ իմացական դաստիարակութիւն, որպէսզի աստուածային լոյսը ունենալէ ետք, մոմի նման աստուածային կրակի ջերմութեամբ հալելով, Քրիստոսի սիրոյ եւ ներողամտութեան լոյսը եւ ներգործող զօրութիւնը դէպի դուրս ճառագայթենք։
Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Առաքելական նամակին ընդմէջէն մեզի կը թելադրուի.-
Ա. Մտիկ ընել Առաջնորդներուն եւ հոգեւոր հովիւներուն, քանզի հովիւը անքուն կը հսկէ մեր հաւատքի աճման համար։
Բ. Հնազանդ ըլլալ Առաջնորդներուն եւ հոգեւոր հովիւներուն, որպէսզի իրենց պաշտօնը ուրախութեամբ կատարեն։ Այս ուղղութեամբ հովիւ-հօտ յարաբերութեան մէջ մեր ներդրումը բերելով։
Գ. Աղօթել Առաջնորդներուն եւ հոգեւոր հովիւներուն համար, խնդրելով, որ իրենց ուղիղ ընթացքը պահեն։
Վերջապէս, առաքեալը կ՚աղօթէ, որ խաղաղութիւն պարգեւող Աստուած մեզ կարողութիւն տայ ամէն տեսակ բարի գործերով իր կամքը կատարելու, Քրիստոսի առաջնորդութեամբ։
Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Աստուծոյ կամքը կը կատարենք՝
- Քրիստոսի հաւատալով, որ կը նշանակէ զինք ընդունիլ եւ անոր հնազանդիլ։
- Քրիստոսի հետեւելով, որ կը նշանակէ Քրիստոսի նմանիլ եւ Քրիստոսը ապրեցնել մեր կեանքին մէջ։
Սրբազան Հայրը Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին, բոլոր սուրբերուն եւ անոնց գլուխը կանգնող Աստուածամօր բարեխօսութիւնը խնդրեց, մաղթելով, որ Ամենակալը իր առատ օրհնութիւնը հեղէ բոլորին վրայ՝ Հայաստանի, Սուրիոյ, քրիստոնեայ եւ իսլամ մեր եղբայրներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք Աստուծոյ հպումին կարիքը ունին։
Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը, սարկաւագները, դպիրները, երգչախումբը եւ շնորհաւորեց Յակոբ անունը կրող հայորդիները։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ջրօրհնէքի աւանդական արարողութիւն կատարեց։
Աւարտին, եկեղեցւոյ տիկնաց յանձնախումբը բարեսիրական նպատակով ճաշի վաճառք կազմակերպեց։