image
Հրատապ լուրեր:

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը Պիտի Նշուի Վագըֆ Գիւղին Մէջ

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը Պիտի Նշուի  Վագըֆ  Գիւղին Մէջ

Թուրքիա- Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող հայկական միակ գիւղը` Վագըֆը, որ  տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն ետք կորսնցուց գիւղի կարգավիճակը եւ այժմ կը նկատուի թաղամաս, պիտի նշէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը: Այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը:Վագըֆի նախկին գիւղապետ Պերճ Քարթուն յոյս յայտնած է, որ տօնակատարութեան ընթացքին իրենց գիւղը շատ այցելուներ կ՛ունենայ: «Կը հրաւիրենք մեր բոլոր ընկերները կիսելու մեր ոգեւորութիւնը»,  նշած է ան:Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին ընթացքին Վաքըֆի մէջ ելոյթ պիտի ունենան Պոլսոյ «Ոմանք» խումբը, տեղւոյն արուեստագէտները, երիտասարդական երգչախումբը, ինչպէս նաեւ պիտի հնչէ տհոլ-զուռնա: Ներկաները պիտի պարեն հայկական ազգային պարեր: