image

«Ռուսներուն հետ պէտք է խօսինք». Անդրանիկ Չաւուշեան

«Ռուսներուն հետ պէտք է  խօսինք». Անդրանիկ Չաւուշեան

Օրերս Արցախի Աղաւնօ համայնքի ղեկավար՝ Անդրանիկ Չաւուշեան հարցազրոյց  տուած է lragir.am կայքին  եւ նիւթի  շահեկանութեան   համար, այն կը ներկայացնենք՝ ամբողջութեամբ։ 

Պարոն Չաւուշեան, Արցախի մէջ մերթ ընդ մերթ հրադադարի խախտման հետեւանքով զոհեր կ'ըլլան։ Ի՞նչ պէտք է ընել անվտանգային խնդիրները լուծելու համար։

Պէտք է հայ ազգը՝ 10 միլիոն հայութիւնը այլեւս մտածէ, որ օգնէ այս իշխանութիւններուն, որպէսզի  կամք  ունենան։ Ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը կարծես թէ իր գործը չ'ըներ։ Կ'երեւի տեղէ մը կայծը կը պայթի օր մը, քանի որ անընդունելի է անընդհատ հայու արիւն թափելը։ Մենք մեր ճակատագրի տէրն ենք, սա ազգային հարց է, անոր համար 10 միլիոն հայութիւնը այլեւս պէտք է գործէ. իշխանութիւններուն կ'երեւի դ կամք պէտք է։

Դուք նկատի ունիք, որ նման իրավիճակներու մէջ պէտք է համարժէք պատասխա՞ն տալ թշնամիին։

Իմ անձնական կարծիքը սա է՝ եթէ ռուս խաղաղապահը չ'ըլլար եւ մեր զօրքերը ըլլային, թշնամին հակահարուած կը ստանար։ Հիմա, կը կարծեմ, որ խնդիրը ռուսերու հետ է։ Ռուսերու հետ պէտք է խօսիլ, որ՝ եթէ դուն ճանապարհը կը հսկես, բայց քու աչքին առջեւ եւ քու քթին տակ կը սպաննեն, կը մորթեն, ո՞ւր է խաղաղապահը։ Կ'ուզեն, որ համակերպուինք, վերջ, սա՞ է։ Ոչ, այդպէս չի կրնար ըլլալ։ Հիմա հայութիւնը թող մտածէ, մենք այս ամէնուն մէջն ենք, հայրենիքը բոլորինն է։ Պէտք է աւելի խոր մտածենք, թէ ինչ կրնանք ընել։

1994 թուականէն ի վեր, թէպէտ հրադադարը կար, բայց ամսական 3-4 զոհ կ'ունենայինք, մինչեւ 2016 թուականը։ Թուրքը նոյն թուրքն է, նոյն թշնամին է, նոյն վայրագը։ Մենք դարձած ենք շատ մոռացկոտ, նոյնիսկ շատ արագ կը մոռնանք ու կը ներենք։ Եթէ անգամ մը լաւ հակահարուած ստանայ, կը կարծեմ, որ չի շարունակեր։ Կար ժամանակ, որ մերոնք անհրաժեշտ գործողութիւններ ըրին, իրենց մոլլան ըսաւ, որ հայ ազգի հետ շուտ հաշտութեան մասին մտածեցէք, թէ չէ, եթէ հայերը քիչ մը զայրացան, ահաւոր է իրենց զայրոյթը։ Հիմա կը կարծեմ, որ պետական մարմինները ծրագրաւորուած ձեւով ժողովրդին վրայ լաւ աշխատեցան եւ անտարբեր դարձուցին, բանակը ելակով կերակրեցին եւ ոչ թէ գաղափարով ու կամքով։ Ազգ-բանակ հասկացութիւնը թուլցուցին, բայց չվերացուցին, ազգը պարբերաբար կը դառնայ բանակ։

Ի՞նչ են տրամադրութիւնները Արցախի բնակչութեան։

Ժողովուրդին մէջ ընդհանրապէս ճամպրուկային վիճակը միշտ կայ, նախքան այս դէպքերն ալ կար։ Մենք ալ կ'ուզենք զայն փոխարինել ոչ ճամպրուկային վիճակով։ Մենք ժողովուրդին կ'ըսենք՝ ո՞ւր պիտի փախիս, այդ հարցի լուծում չէ։ Կը կարծեմ՝ անվտանգային հարցերը լուծելու համար միմիայն հայոց բանակը պէտք է ուժեղացնել։ Այդ պարագային՝ եթէ մէկ հոգի խփեն, մենք թուաքանակով քիչ ենք, դիմացը՝ 10 հոգի։ Եթէ լաւ հակահարուած ստանան, քիչ մը կը խելօքնան։ Բայց այսօր ամէն օր Ստեփանակերտի ու այլ բնակավայրերու ուղղութեամբ կրակոցներ կան եւ կը հիասթափեցնեն ժողովուրդը։ Իշխանութիւններն ալ ձեռքերը ծալած, ոչ մէկ յայտարարութիւն կ'ընեն։ Ընդհակառակը, խաղաղութեան մասին կը խօսին։ Ես քիչ մը այլ կարծիքի եմ՝ ի՞նչ խաղաղութիւն, որո՞ւ հետ, ո՞վ է այդ խաղաղասէրը։ Այսօր կ'իշխէ ուժը, եթէ ուժեղ ես, արդէն խաղաղասէր ես եւ ամէն ինչ ես։ Ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք է ուժով լուծենք այս հարցը։ Տեսանք, որ քաղաքականութեան մէջ թոյլ ենք ու ձախողած՝ ըլլայ արտաքին, թէ ներքին։ Բայց 1990-ական թուականներուն, երբ հակահարուած հասցուցինք եւ տարածքները ազատագրեցինք, հայ ժողովուրդը լաւ վայելեց այդ ամէնը 20-30 տարի։

 

«Արեւելք»ի համար արեւմտահայերէնի վերածեց՝  Թ.Գ.