image

Ռուսիոյ Քուրսք շրջանին մէջ 74 բնակավայր անցած է Ուքրանիոյ տիրապետութեան տակ

Ռուսիոյ Քուրսք շրջանին մէջ 74 բնակավայր անցած է Ուքրանիոյ տիրապետութեան տակ

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի տեղեկատուութիւն տարածած է Ռուսիոյ Քուրսք շրջանին մէջ ուքրանական զինուած ուժերու գործողութեան մասին։

Զելենսքիի խօսքով, չնայած բարդ ու բուռն մարտերուն, ուքրանական ուժերը կը շարունակեն առաջ շարժիլ Քուրսքի շրջանին մէջ։

Զելենսքին ըսած է, որ տարածաշրջանի 74 բնակավայր այժմ կը գտնուի Ուքրանիոյ վերահսկողութեան տակ։ 

Զելենսքի նաեւ ըսած է, որ տեւական կապի մէջ է Ուքրանիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Ալեքսանդր Սիրսքիի հետ, որ կը զեկուցէ ճակատին տիրող իրավիճակի եւ Քուրսքի շրջանի մէջ գործողութեան առաջընթացի մասին։