Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան հակահետախուզութիւնը 27 օգոստոսի գիշերը յարձակած է Ռուսիոյ Քուրսքի օդակայանի վրայ։ Այնտեղ տեղակայուած են Ռուսիոյ Դաշնութեան օդանաւեր ու հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր։ Գրած է РБК Украина-ն՝ յղում ընելով Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան աղբիւրներուն։
Աղբիւրները յայտնած են, որ կամիկաձէ անօդաչու սարքերը աշխատած են չորս Սու-30 եւ մէկ ՄիԿ-29-ի օդանաւերու վրայ։ Խոցուած թիրախներու շարքին են նաեւ С-300 համալիրի ռատարները եւ երկու «Փանցիր»։
Ըստ լրատուամիջոցի՝ հակահետախուզութեան գրեթէ բոլոր անօդաչու թռչող սարքերը հասած են իրենց թիրախներուն, ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ անոնցմէ միայն երեքը խոցուած են ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան կողմէ։
«Դատելով այն հանգամանքէն, որ նոյնիսկ ռուսերն իրենք արձանագրած են առնուազն 13 պայթում, «բավովնան» (ռազմական գոծողութիւն - Խմբ.) տպաւորիչ եղած է: Խոցումներու ստոյգ հետեւանքներն ու զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը կ'իմանանք մօտ ապագային»,- նշած են ծառայութենէն։
Ռազմական գոծողութիւնը իրականացուցած են 13-րդ գլխաւոր վարչութեան ռազմական հակահետախուզութեան աշխատակիցները։