Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ուքրանական ուժերը գիշերն անօդաչու թռչող սարքերով հարուածած են Դաշնութեան տարածքը:
Գերատեսչութեան տուեալով՝ 101 ԱԹՍ ոչնչացուած է: Թիրախ եղած են Քրասնոտարի երկրամասը, Պրեանսքի, Քալուկայի, Թվերի, Պելկորոտի, Սմոլենսքի, Քուրսքի մարզերը:
Անօդաչու սարքեր յայտնաբերուած են նաեւ Խրիմի երկինքին մէջ: Խաղաղ բնակչութեան շարքերէն տուժածներու մասին տեղեկութիւններ չկան:
ՊՆ-ն նաեւ տեղեկացուցած է, որ Քուրսքի մարզի մէջ մարտերը կը շարունակուին, ռուսական ուժերը ետ կը մղեն ուքրանացի զինուորականներու գործողութիւնները:
Ուքրանական կողմի տուեալով ալ՝ ռուսական ուժերը հարուածած են Խարքովը, խաղաղ բնակիչներ տուժած են, վնասուած են քաղաքացիական կառոյցներ եւ բնակելի շինութիւններ: