«Աւելի քան 11 հազար մարդ տարհանուած է Կրասնոյարուժսկի շրջանէն։ Մօտ հազար մարդ կը գտնուի ժամանակաւոր կացարաններ»,- այդ մասին առաւօտեան ըսած է Պելկորոտի մարզի նահանգապետ Վեաչեսլաւ Կլատքով։
Ռուսական BBC-ն, վկայակոչելով 2021-ի մարդահամարի տուեալները, նշած է, որ շրջանը 14 հազարէն քիչ մը աւելի բնակչութիւն ունի։
Կլատքով նախօրէին յայտարարած էր, որ Կրասնոյարուժսկի շրջանի բնակչութիւնը կը տարհանուի՝ տեղեկացնելով, որ «անհանգիստ առաւօտ է, սահմանին թշնամին աշխուժացած է»։ Աւելի ուշ քաղաքի մուտքերը փակուած են։
Շրջանի ղեկավար Անտրէյ Միսքով իր հերթին թելեկրամեան ալիքին գրած է, որ տարածքին մէջ մօտ 500 մարդ մնացած է՝ հիմնականին վարչակազմի աշխատակիցներ, այլ անհրաժեշտ մասնագէտներ։
Կրասնոյարուժսկի շրջանը Քուրսքի շրջանի Սուջա քաղաքէն մօտ 45 քիլոմեթր հեռու է, ուր 6 օգոստոսին մտած են ուքրանացի զինուորականները։