Եւրոմիութիւնը պիտի չչեղարկէ հակառուսական պատժամիջոցները, քանի դեռ Մոսկուան Քիեւի հետ փոխընդունելի խաղաղութեան համաձայնագիր չէ կնքած: Այս դիրքորոշումը յայտարարած է Գերմանիոյ կանցլէր Օլաֆ Շոլցը:
«Պատժամիջոցները, որոնք մենք սահմանած ենք, պիտի չչեղարկուին այնքան ժամանակ, քանի դեռ Ուքրանիոյ հետ արդարացի համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած: Իսկ թէ որ համաձայնագիրը, Ուքրանիոյ տեսանկիւնէն, պիտի ըլլայ արդար, այդ կրնայ որոշել միայն ինքը` Ուքրանիան», ըսած է կառավարութեան ղեկավարը:
Շոլց կրկին յայտարարած է, որ «Ուքրանիոյ պարտադրուած խաղաղութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: Անոր խօսքով` ինք բազմիցս ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որ Մոսկուայի տեսլականը նման խաղաղութեան մասին «պատրանք է»: