Ռուսական զօրքերը նոր յարձակում սկսած են Քուրսքի շրջանի քանի մը հատուածի մէջ եւ ճեղքած ուքրանական պաշտպանական գիծը՝ յայտնած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կապուած թելեկրամեան ալիքները:
Ուքրանական DeepState վերլուծական նախագիծը նաեւ տեղեկացուցած է, որ ռուսական բանակը «ետ մղած է» Ուքրանիոյ զինուած ուժերու՝ Քուրսքի խմբաւորման ձախ թեւը։ Հոկտեմբեր 10-ի ընթացքին Ուքրանիոյ զինուած ուժերը կորսնցուցած են աւելի քան 38 քառակուսի քմ բռնագրաւուած տարածք։ Ռուսական զօրքերը յաջողած են «գրաւել հինգ բնակավայր եւ շրջապատել թշնամիի առնուազն երկու գումարտակ՝ կտրելով մատակարարման եւ տարհանման երկու կարեւոր ճանապարհ: Վերլուծաբանները նշած են, որ ուքրանական զօրքերու մէկ մասը շրջապատման վտանգի տակ է։
Միաժամանակ, Ուքրանիոյ ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդին առընթեր ապատեղեկատւութեան հակազդման կեդրոնի ղեկավար Անտրէյ Քովալենքօն յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան ուժերը յաջողած են տապալել ռուսական բանակի ծրագիրները։