Վլատիմիր Փութինը հրամանագիր ստորագրած է Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Քորէայի Ժողովրդադեմոկրատական Հանրապետութեան միջեւ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագրի վերաբերեալ:
Կարգադրութեան համաձայն՝ Ռուսիոյ ԱԳՆ-ին կը թոյլատրուի պայմանագրի ստորագրման շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին նախագիծին մէջ մտցնել փոփոխութիւններ, որոնք սկզբունքային բնոյթ չեն կրեր:
Նշուած է, որ պայմանագիրը պիտի ստորագրուի բարձր մակարդակով։
Նշենք նաեւ, որ այսօր Փութին պետական այցով պիտի մեկնի Փհենիան: