Անգարան կ'աշխատի ուքրանական նաւահանգիստներէն տարբեր մթերքներով, յատկապէս հացահատիկով նաւերու մեկնման հետ կապուած լուրջ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնած է, որ Անգարան բանակցութիւններ վարած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին հետ` Ուքրանիոյ մէջ «հացահատիկի խնդիրին» կապակցութեամբ ստեղծուած բաց հեռախօսագծի շուրջ:
«Մեր նախագահին ղեկավարութեամբ շփումները թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Ուքրանիոյ հետ կը շարունակուին: Շտապ զինադադար եւ լարուածութեան թուլացում անհրաժեշտ է, քանի որ մարդասիրական իրավիճակը կը վատթարանայ: Լարման աւելացումը վնաս կը հասցնէ բոլորիս, այն պէտք է միասին իջեցնել», ըսած է Աքար:
Յայտարարելով, որ Անգարան կ'աշխատի ուքրանական նաւահանգիստներէն տարբեր մթերքներով, յատկապէս հացահատիկով նաւերու մեկնման հետ կապուած լուրջ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ` Աքար նշած է, որ նաւահանգիստներէն 15 նաւերու տարհանման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին:
«Մենք բանակցութիւններ կը վարենք թէ՛ Ուքրանիոյ, թէ՛ Ռուսիոյ հետ, ինչպէս նաեւ կապ կը պահպանենք ՄԱԿ-ի հետ: Անոր համար մենք զօրավարներ նշանակած ենք Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն: Ռուս զօրավարին հետ առաջին հանդիպումը կայացաւ Յունիս 1-ին: Յունիս 4-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին հետ: Այդ, այսպէս կոչուած, «կարմիր գիծն» է, եւ այն մշտապէս կ'օգտագործուի», ըսած է Աքար:
ՄԱԿ-ի մէջ բազմիցս յայտարարած են հացահատիկի պակասի պատճառով պարէնային ճգնաժամի սպառնալիքի մասին, Արեւմուտքը մեղադրած է Ռուսիան համաշխարհային շուկաներ ուքրանական հացահատիկի մատակարարման դէմ հանդէս գալու մէջ. Մոսկուան կտրականապէս մերժած է այդ մեղադրանքները: