Մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ողջամիտ քաղաքական գործիչները պատասխանատուօրէն կը մօտենան Ռուսիոյ Դաշնութեան ներկայացուցած դիրքորոշման։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերգէյ Ռիապքովը։
Անոր կարծիքով, Մոսկուայի ջանքերն արդիւնք կու տան, եւ կարգաւորումը ձեռք կը բերուի։ Ան հաւատացուցած է, որ Ռուսիան, ի տարբերութիւն Արեւմուտքի, կարգաւորման միայն կայուն բանաձեւ կը փնտռէ։
Պաշտօնեան չուզեր, որ ոեւէ մէկը Մոսկուայի առաջարկներուն մէջ Արեւմուտքի հետ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան տարրեր տեսնէ։
Ան պատրաստակամութիւն յայտնած է օգնել կողմերուն գտնելու այն կէտը, ուր շահերը կը համընկնին, եւ ուր արդիւնքը պարտաւորեցնող բնոյթի պայմանաւորուածութեան ձեւ կ'ունենայ։
«Ռուսիան պիտի շարունակէ հնարաւոր ամէն ինչ ընել ցանկացած ճգնաժամի մարդասիրական հետեւանքները նուազագոյնի հասցնելու համար»,- նշած է դիւանագէտը։
Միաժամանակ Ռիապքովն աւելցուցած է, որ հնարաւորութիւնները անսահման չեն։