ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկրի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրահանգով Աֆղանիստանէն կը տարհանէ ՌԴ, ՀԱԿՊ երկիրներու եւ Ուքրանիոյ աւելի քան 500 քաղաքացի: Ինչպէս կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, տարհանումը կ'իրականացուի ռազմափոխադրային օդագնացութեան ինքաթիռներով:
«25 Օգոստոսին ՌԴ նախագահի հրամանով պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի կողմէ կազմակերպուած է ՌԴ, ՀԱՊԿ երկիրներու (Պելառուսիա, Ղրղզստան, Տաջիկստան, Ուզպեքիստան) եւ Ուքրանիոյ աւելի քան 500 քաղաքացիի տարհանումը Աֆղանիստանէն»,-ըսուած է ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է, որ իւրաքանչիւր ինքնաթիռի մէջ տարբեր երկիրներու քաղաքացիներուն օգնութիւն ցոյց տալու համար պիտի աշխատին բժշկական հաշուարկի մասնագէտները:
Յիշեցնենք, որ թալեպները աշխոյժ գործողութիւններու անցած էին Աֆղանիստանէն ամերիկեան զօրքերու դուրսբերման զուգահեռ՝ օրէ օր նոր քաղաքներ գրաւելով, իսկ 15 Օգոստոսին մտած են Քապուլ: Ժամեր անց երկրի նախագահ Աշրաֆ Ղանին հրաժարական ներկայացուցած եւ հեռացած է երկրէն: Երկրի փոխնախագահ Ամրուլլահ Սալեհը յայտարարած է, որ երկրի ղեկավարի բացակայութեան պարագային սահմանադրութեան համաձայն՝ ինք կը ստանձնէ ղեկավարի պարտականութիւնները: Վերջինս կոչ ըրած է զինուած դիմադրութիւն ցոյց տալ թալեպներուն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ