image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդի նիստը պիտի ըլլայ ոչ-պաշտօնական

Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդի նիստը պիտի ըլլայ ոչ-պաշտօնական

Յունուար 12-ին Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդի ձեւաչափով համաձայնեցուած հանդիպում չկայ, նիստը պիտի ըլլայ ոչ-պաշտօնական: Այդ մասին յայտնած Է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ալեքսանտր Կրուշքօն:

«Այդ պիտի ըլլայ ՌԴ-ՆԱԹՕ խորհուրդի ձեւաչափով ոչ-պաշտօնական նիստ», Կրուշքօն ըսած Է լրագրողներուն, մեկնաբանելով ՌԴ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռյապքովի՝ նախօրեակին կատարուած յայտարարութիւնը, թէ Ռուսաստանը ՆԱԹՕ-ի հետ բանակցութիւններու կը մեկնի առանց համաձայնեցուած օրակարգի: Ան նշած Է, որ այդ կապուած Է այն բանին հետ, որ «Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդին մէջ ՆԱԹՕ-ի ոչ-բարեկամական գործողութիւններուն հետեւանքով այսօրուայ դրութեամբ ոեւէ դիւանագիտական ներկայացուցիչ չկայ»:

«Ճիշդ այդպէս չկայ նաեւ որեւԷ կառոյց, որ նախատեսուած ըլլայ այդ տեսակի նիստ նախապատրաստելու համար, այդ շարքին՝ օրակարգի մշակումը. անոնց աշխատանքը սառեցուած Է ՆԱԹՕ-ի կողմէ», յաւելած Է փոխնախարարը: Կրուշքօն ընդգծած Է, որ Մոսկուան կը շարժի անով, որ ռուսաստանեան պատուիրակութեան ելոյթներու կեդրոնին պիտի ըլլան անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ Ռուսաստանի նախագահին նախաձեռնութիւնները, ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկը այդ մասին ծանուցուած Է: