Ռուսական ՌԲԿ հեռուստաալիքը չէ հրապարակած Իլիա Տորոնովի ազդարարած բացառիկ հարցազրոյցը Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ։ Պատճառը ատրպէյճանցիներու սպառնալիքներն են։
«Իլիան յատուկ այդ հարցազրոյցի համար այցելած էր Հայաստան, խօսակցութիւնը տեսագրուած էր եւ ազդարարուած անոր կողմէ, բայց ՌԲԿ-ն հրաժարած է հրապարակել այն։ Հրաժարման պատճառը ֆիզիքական հաշուեյարդարի սպառնալիքներն են, որոնք Իլիան եւ անոր ընտանիքի անդամները ստացած են ընկերային ցանցերուն միջոցաւ ատրպէյճանցի օգտատէրերու կողմէ՝ հարցազրոյցի ազդարարումէն ետք»,- նշուած է Վարդանեանի ոչ պաշտօնական Թելեկրամ-ալիքի հաղորդագրութեան մէջ։