image

Ռուսական եւ ուքրաինական ուժերը փոխադարձ հարուածներ հասցուցած են իրար․ երկու կողմն ալ հաղորդած է տուժածներու մասին

Ռուսական եւ ուքրաինական ուժերը փոխադարձ հարուածներ հասցուցած են իրար․ երկու կողմն ալ հաղորդած է տուժածներու մասին

Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ծաւալած ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին արդէն 401 օր: Կողմերու տարածած տեղեկութիւններու համաձայն՝ ռուսական եւ ուքրանական ուժերը շարունակած են հարուածել իրար: Երկու կողմէն ալ կան տուժածներ:

Վկայակոչելով Ուքրանիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի առաւօտեան տեղեկագիրը՝ «Արմէնփրէս»-ը հաղորդած է, որ ուքրանական ուժերը վերջին մէկ օրուան ընթացքին ետ մղած են ռուսական կողմի աւելի քան 80 յարձակում:

Ռազմական գործողութիւններու կեդրոնները կը մնան Պելոկորովքա, Պախմութ, Աւտէեւքա եւ Մարյինքա բնակավայրերը: Ըստ Ուքրանիոյ Գերագոյն Շտաբի յայտարարութեան՝ Պախմութի մէջ ետ մղուած է 22 յարձակում: Ռուսական աղբիւրները վերջին օրերուն հաղորդած էին, որ «Վակների խումբ» մասնաւոր ռազմական ընկերութեան ստորաբաժանումները յաջողած են Պախմութի մէջ տարբեր ուղղութիւններով, ներառեալ՝ քաղաքի կեդրոնին մէջ առաջ շարժիլ, սակայն Ուքրանիոյ Գերագոյն Շտաբը ռուսական ուժերու յառաջխաղացման մասին ոչինչ կը հաղորդէ:

Ուքրանիոյ զինուած ուժերն ալ յայտարարած են, որ մարտ 30-ի ուշ երեկոյեան եւ մարտ 31-ի գիշերը ռուսական ուժերը Ուքրանիոյ մէջ տարբեր թիրախներու վրայ արձակած են իրանեան արտադրութեան 10 «Շահիտ-136/131» անօդաչու թռչող սարքեր, որոնցմէ 9-ը խոցուած են: Ռուսական եւ իրանեան կողմերը բազմիցս յայտարարած են, որ Թեհրանը Ռուսիոյ չէ տրամադրած ԱԹՍ-ներ եւ հրթիռներ՝ Ուքրանիոյ մէջ օգտագործելու համար, եւ որ Ռուսիան իրանեան անօդաչուները գնած է սահմանափակ քանակութեամբ՝ նախքան Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը:

Ուքրանական կողմը նաեւ յայտնած է, որ վերջին մէկ օրուան մէջ ռուսական ուժերու կողմէ Խարքովի գնդակոծութեան հետեւանքով 5 մարդ տուժած է:

Ռուսական լրատուամիջոցներն ալ հաղորդած են ուքրանական ուժերու կողմէ Տոնպասի գնդակոծութեան մասին: Ըստ ТАСС գործակալութեան՝ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Ուքրանիոյ զինուած ուժերը 11 անգամ գնդակոծած են Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան տարածքը: Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութեան տարածքն ալ գնդակոծուած է HIMARS համակարգերէ, վիրաւորներու թիւը հասած է 16-ի:

Ռուսական կողմէն նաեւ հաղորդած են, որ ուքրանական ուժերը գիշերը աւելի քան 40 արկ արձակած են Խերսոնի մարզին մէջ՝ Տնեփրի ձախ ափի ուղղութեամբ: