«Սուրիոյ մէջ հայութեան ներկայացուցիչները պէտք է ըլլան աւելի հեռատես, որպէսզի կարենան հետապնդել հայորդիներուն շահերը»,-«Արեւելք»-ին յայտնեց մոսկուահայ գործարար՝ Արման Չուղուրեան, որ ռուս բարձրաստճան զինուորականներու հետ անցեալին գացած էր Սուրիա, այցելած նաեւ Քէսապ եւ Դամասկոս, տեսակցած հայ պատգամաւորներու հետ, հասկնալու համար սուրիահայութեան կարիքները եւ յանձն առած ռուսահայերու կողմէ ապահովուած 100 թոն ալիւրը ռուսական բանակի օգնութեամբ սուրիահայութեան հասցնելու գործը:
«Կ’ուզէի իմանալ այդտեղի իրավիճակի մասին, ի՞նչի կարիք ունին, այդ մարդիկ շատ վատ կ’ապրին: Մտածեցի որ ամենալաւը սնունդ հասցնելն է»,- ըսաւ Չուղուրեան: «Հալէպ ապրող հայերը, ոչ թէ ալիւրին եւ օգնութեան կարիքը ունին, այլ կարիքը ունին գիտնալու, որ ռուսահայերը իրենց կողքին են, որպէսզի վստահին հայկական էութեան ու հայկական ոգիի զօրութեան: Երբ միասին ենք՝ մեծ բռունցք ենք: Անոր ապացոյցը, որ գացի Սուրիա, ընտանիքս ու գործերս թողելով, որպէսզի զգան այդ ջերմութիւնը: Անիկա աւելի մեծ օգնութիւն էր, քան հարիւր թոն ալիւրը: Կարեւորը՝ այդ մարդիկ լաւ զգան»,- ըսաւ Չուղուրեան, նշելով, որ Մոսկուա իր վերադարձին հանդիպումներ պիտի ունենայ մեծահարուստներու հետ, որպէսզի ամսական որոշ օգնութիւն տրամադրուի սուրիահայութեան:
Սուրիա կատարած իր այցին մասին «Արեւելք»-ի զրուցակիցը նշեց, որ թէժ իրավիճակներու ականատես եղած է եւ մօտ եղած է այն վայրերուն, ուր զինուորական թէժ գործողութիւններ կը կատարուին:
Խօսելով Սուրիոյ մէջ գործող ռուսական ուժայիններու մասին՝ ան նշեց, որ անոնք երկրի բանակին առջեւ ճանապարհ կը բանան եւ պատրաստ են երկրի նախագահ Պաշշար Ասատին զօրավիգ կանգնիլ մինչեւ վերջ: «Ռուսերը պիտի օգնեն Ասատին մինչեւ վերջ: Ռուսերը հոն պիտի մնան, որպէս Միջին Արեւելքի կարեւոր գործօն»,-ըսաւ Չուղուրեան նկատել տալով, որ «Մոսկուան երկար ժամանակ չխառնուեցաւ Միջին Արեւելքի հարցերուն: 1991-ին, Իրաքը երկու անգամ ջարդ ու փշուր ըրին, Եէմէնը աւերեցին: Հիմա, Ռուսիան հոնկէ շարժողը չէ»,- նշեց ան , յայտնելով այն համոզմունքը, որ այս քայլը ոչ միայն Միջին Արեւելքը, այլ նոյնպէս Թուրքիան զսպելու կարեւոր գործոն է: Կարծիք յայտնելով ռուս-թրքական յարաբերութիւններու մասին, ըսաւ. «Չհաւատաք, որ Ռուսաստան կրնայ թուրքին հետ համաձայնիլ: Նախագահ Փութին չի մոռնար եղածները, ան ստիպուած է Թուրքիոյ մօտիկութիւն ցոյց տալ, որովհետեւ ամբողջ աշխարհը երես թեքած էր այդ երկրէն»:
Անդրադառնալով Հալէպի ազատագրումէն ետք Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու վերադարձին, «Արեւելք»-ի զրուցակիցը մատնանշեց, որ այս հարցը կապուած է քանի մը տրամաբանական հետեւողութիւններու, որոնց հիման վրայ կարելի է եզրակացնել վերադարձի հաւանականութիւնը: «Առաջին հերթին, այդ երկիրը պէտք է անպայման վերակառուցուի: Առանց Հալէպի՝ չկայ Սուրիա: Երկրորդ, հայերը հոն հարիւր տարիէ աւելի ապրած են, եկեղեցիներ, կեդրոններ եւ դպրոցներ ունին: Անոնք լաւ վարպետներ են, որոնք կը նախնտրեն Հալէպը: Երրորդ, այն սուրիահայերը, որոնք Հայաստան ապաստանած են, չեն եկած որպէս իրենց հայրենիքը, որովհետեւ հայրենիքը իրենց այն ջերմութիւնը չի տար, ինչ որ իրենք կ’երազէին»: Թուարկելով նշեալ երեք հիմքերը, Չուղուրեան եզրակացուց, որ այս պատճառով հալէպահայութեան մեծ մասը մեծ սիրով պիտի վերադառնայ Հալէպ: «Այդ մարդիկ ինքզինքնին օտար կը զգան Հայաստանի մէջ: Հայաստանցիք իրենք դժուար դրութեան մէջ են ու ատոր համար է նաեւ, որ կը դժուարանան օգնել սուրիահայերուն: Սուրիահայերու մեծ տոկոսն ալ կարիքաւոր է, ապրուստի կողքին, տան վարձքի հարց ունին: Անոր համար, ես վստահ եմ, որ պիտի վերադառնան»,- շեշտեց ան:
«Արեւելք»-ի հետ զրոյցին աւարտին Չուղուրեան հաստատեց, թէ Հալէպի վերակառուցման աշխատանքներուն մոսկուահայերը շատ մեծ դեր պիտի ունենան: «Երբ Ռուսաստան Սուրիան վերակառուցելու մեծ պատուէրներ ստանայ, հայերը շատ մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենան, որովհետեւ թէ՛ ռուսը եւ թէ՛ արաբը կը վստահին հայուն: Այն երկրին մէջ, որ հայ տարր կայ այնտեղ, հաւասարակշռութիւն կայ, որովհետեւ միշտ կառուցող ենք, չենք քանդեր: Միշտ կապող օղակ եղած ենք: Մենք համաշխարհայնացած ազգ դարձած ենք»,-ըսաւ ան, եզրափակելով, որ Հայաստանը աղբիւրներ չունի եւ աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը պէտք է մեր թշնամին շրջապատէ բոլոր կողմերէն»: