Լոս Անճըլըսէն ուրախ լուր ստացանք։
Օրերս երիտասարդ զոյգեր՝ Ռազմիկ եւ Ալիք Սուրբ Խորանի առաջ կանգնելով ուխտած են կեանքի իրենց ճանապարհը միասին շարունակել։
Նորահարսերուն պսակադրութիւնը տեղի ունեցած է հայաշատ Մոնթէպէլլո շրջանի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջ, ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու, ընկերներու եւ այս ուրախութիւնը կիսող հրաւիրեալներու։
Նշենք, որ Ռազմիկ Մատէնեան, որ փայլուն փաստաբան է ու այդ ասպարէզին մէջ մեծ յաջողութիւններու հասած, որդին է համայնքային գործիչ՝ Յարութ Մատէնեանի, որն ալ երկար տարիներ ծառայած է ՀՄԸՄ-ի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի շրջանակներուն մէջ։
Ինչ կը վերաբերի հարսին՝ Ալիք Չերչեանին ,ապա ան մանկավարժ է եւ որպէս ուսուցիչ կը գործէ Լոս Անճըլըսի հանրային վարժարաններէն մէկուն մէջ։
Այս ուրախ առթիւ կը միացնենք մեր խնդակցութիւնները, քաջավստահ ըլլալով, որ երջանիկ զոյգը վառ պիտի պահէ հայութեան եւ հայկականութեան դրօշները նորակազմ օճախին մէջ։