image

Ռայիսին դէպի Թուրքիա եւ Սուրիա

Ռայիսին դէպի Թուրքիա եւ Սուրիա

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին պիտի այցելէ Թուրքիա եւ Սիրիա։ Այս մասին երկուշաբթի կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Նասեր Քանաանին։

«Իրանի եւ Սուրիոյ իշխանութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը կ'ընթանայ ամենաբարձր մակարդակով, մենք հիանալի յարաբերութիւններ ունինք։ Երէկ երեկոյեան երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ զրոյց տեղի ունեցած է»,-ըսած է Քանաանին, յայտնած է IRNA-ն։