Քուրսքի շրջանի 224 բնակիչ տեղաւորուած է Վորոնեժ քաղաքի, ինչպէս նաեւ Ռամոնսքի, Խոխոլսքի, Տալովսքի եւ Նովուսմանսքի շրջաններու ընկերային հաստատություններու եւ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ, յայտարարած է շրջանի ղեկավար Ալեքսանտր Կուսեւը։
«Քուրսքի շրջանի 224 բնակիչներ տեղաւորած ենք Ռամոնսքի, Խոխոլսքի, Թալովսքի եւ Նովուսմանսքի շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ Վորոնեժի մէջ գտնուող մեր ընկերային հաստատութիւններու եւ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ։ Անոնցմէ 199-ը ժամանած են հանրակառքերով, 25-ն ալ ինքնուրոյն տեղ հասած են»,- գրած է ան Telegram-ի իր ալիքով։
Կուսեւ նշած է, որ ժամանածներու մէջ եղած է 60 երեխայ եւ 47 տարեց։
Ուքրանական զինուած ուժերն այս շաբթուան սկիզբը ներխուժած են Ռուսիոյ տարածք։ Զինուած ուժերու սահմանը հատելէ չորս օր անց Քուրսքի շրջանին մէջ «դաշնային մակարդակով» արտակարգ դրութիւն յայտարաուած է։ Այժմ ջանքեր կը գործադրուին քաղաքացիները տարհանելու եւ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համար: