NEWS.am-ը մեկնաբանութիւն խնդրած է ՀՀ 2–րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակէն` «Հրապարակ» օրաթերթին մէջ այսօր հրապարակուած յօդուածին առնչութեամբ: Հարցին պատասխանած է գրասենեակի համակարգող Բագրատ Միկոյեանը:
«Հրապարակ» թերթը այսօր գրած էր, որ Հայաստանի նախկին երեք նախագահները կը պատրաստուին հեռանալու քաղաքականութենէն: Արդեօք այս տեղեկութիւնը կը համապատասխանէ՞ իրականութեան, եւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը որոշա՞ծ է չզբաղիլ քաղաքականութեամբ:
Քաղաքական ասպարէզէն իր` հերթական «հեռանալուն» մասին նախագահ Քոչարեանը տեղեկացած է Հրապարակ օրաթերթէն: Այդ մտավարժանքներուն նախագահը կը վերաբերի հիւմըրով: