Յունուար 19-ին Եղէգնաձոր համայնքին մէջ կայացած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան Նախաձեռնող խումբի նիստ, որ վարած է Վարչութեան նախագահ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Յայտնած են կուսակցութեան մամուլի ծառայութենէն։
Նիստին մասնակցած են Կուսակցութեան Վայոց ձորի մարզի Տարածքային կազմակերպութիւններու անդամները, մարզպետը,պատգամաւորներ եւ Կուսակցութեան վարչութեան անդամներ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդէս եկած է ելոյթով եւ պատասխանած կուսակցականներու հարցերուն։