image
Հրատապ լուրեր:

Քիեւին խիստ ձմե՞ռ

Քիեւին խիստ  ձմե՞ռ

Քիեւը կրնայ այս ձմրան մնալ առանց ջերմութեան, հնարաւոր է քանի մը օր կամ շաբաթ ջեռուցումը անջատուի: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, «Экономической правдa»-ին տուած հարցազրոյցին այս մասին յայտարարած է Քիեւի վարչակազմի փոխնախագահ՝ Փյոդր Փանթելէեւ:

«Այդ կապուած է ոչ թէ կազի պակասի կամ տեխնոլոգիական հարցերու հետ, այլ այն բանին հետ, որ թշնամին կը խոցէ մեր ենթակառուցուածքային կառոյցները, կ'ոչնչացնէ ուժանիւթի կառոյցները»,- աւելցուցած է պաշտօնեան:

Խօսելով ձմրան ընթացքին Քիեւի ջեռուցման մասին՝ Փանթելէեւ յոյսեր կապած է շարժական կաթսաներուն հետ, որոնք քաղաքը կ'ակնկալէ ստանալ երկու ամսուայ ընթացքին։ Անոնք կ'օգտագործուին ընկերային կառոյցներու վթարային ջեռուցման համար։

Փանթելէեւ բացատրած է, որ քաղաքային իշխանութիւնները հիմնական խնդիրներ ունին ոչ թէ կաթսաներու վառելիքին, այլ ուժանիւթի պակասին հետ: