Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ շարք մը հզօր պայթումներ որոտացած են։ Այս մասին յայտնած են ուքրանական լրատուամիջոցները, որմէ ետք Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքոն իր թելեկրամեան ալիքին հաստատած է տեղեկութիւնը։
Քլիչքոյի հաղորդմամբ՝ պայթումներէն ետք շարք մը թաղամասերու մէջ հրդեհներ բռնկած են։ Բացի այդ, մայրաքաղաքի որոշ շրջաններու մէջ դադրեցուած է ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարումը։
Որոշ ժամանակ անց ուքրանական լրատուամիջոցները յայտնած են Քիեւի մէջ նոր պայթումներու մասին։ Բացի այդ, հաղորդուած է, որ պայթումներ տեղի ունեցած են նաեւ Խարքովի մէջ, որոնք եւս յանգեցուցած են հրդեհներու։
Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքին օդային տագնապ յայտարարուած է։