image

Քեսապի վէրքերը պիտի չմոռնանք. Ստեփան Ճ. Աբէլեան

Քեսապի  վէրքերը պիտի չմոռնանք. Ստեփան  Ճ. Աբէլեան

  Ինը տարի անց....

 Պիտի չմոռնանք, եւ  անոնք որ կ'ուզեն մոռնալ թող ներեն մեզի։

  Ինը տարիներ առաջ, ճիշդ   այս ժամերուն  ամբողջ ժողովուրդ մը Քեսապ Լաթաքիա ճամբու տարածքին` շշմած, շուարած, հիասթափուած, գրեթէ անխօս զիրար կը դիտէին հարցական։ Ինքնաշարժներ, փոքր փիքափներ, բեռնատար մեծ կառքեր` խճողուած ընտանիքներով, աչքերնին ետին նայելով ակամայ կը յառաջանային` հարցական փնտռելով հարազատներ, ազգականներ եւ բարեկամներ կառավանին մէջ։ Ներկայութիւն ստուգելով, երբեմն առանց պատասխան ստանալու, մտահոգ, վարանոտ, դանդաղօրէն կը յառաջանային: Սիրելի Քեսապը եւ իր գիւղերը, ժողովուրդին տաքուկ բնակարանները կ'ենթարկուէին վայրագ ռմբակոծումի, հրացանաձգութեան եւ անողորմ յարձակումի։

   Վէրքեր կը բացուէին, վիրահատութեան կ'ենթարկուէր ժողովուրդը առանց թմրեցուցիչի...Սուրիական դատարանները, ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ եւ ԱՆՁԻՆ ՀՈԳԻՆ ՀԱՄԱՐԺԷՔ ԿԸ ՆԿԱՏԵՆ, հետեւաբար ժողովուրդը բաց վէրքեր կը ստանար... Ինչքերը, տարիներու աշխատանքի արգասիքը, հոգին մարմնէն զատուելու պէս կորուստի կ'ենթարկուէին, ցաւ, անբացատրելի ցաւ կը պատճառէին այդ վէրքերը:

Վէրքեր կան, որոնք կը դարմանուին ու կը բուժուին առանց իսկ հետքեր թողելու, վէրքեր կան, որոնք կը բուժուին բայց ակնյայտ սպիներ կը թողուն, իսկ վէրքեր կան, որոնք անդարմանելի են,  անբուժելի, ցմահ կրելու է ենթական։ Վէրքը երբեմն կը հանդարտի, կը մեղմանայ,  այն զգացումը տալով, որ բուժումի մօտ է: Յանկարծ կը կարմրի, կը բորբոքի, կ'արիւնի, կը կոտտայ, նոյնիսկ կրնայ ջերմութիւն յառաջացնել, եւ ահա ենթական կը կորսնցնէ իր անդորրութիւնը, կը մտահոգուի եւ ցաւի մէջ է վէրքը ստացած օրուան նման....Քեսապցիին եւ Քեսապին վէրքերը այս վերջին տեսակին նման են՝ ԱՆԲՈՒԺԵԼԻ ՎԷՐՔԵՐ, ԲՈԼՈՐՍ ՅՕԺԱՐ ԵՆՔ ՏԳԵՂ ՍՊԻՆԵՐ ԿՐԵԼ ՄԵՐ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ, ԲԱՅՑ ԳԷԹ ՎԷՐՔԸ ԲՈՒԺՈՒԻ... Ի ԶՈՒՐ...ԱՅՍ ՎԷՐՔԸ ՊԻՏԻ ԿՐԵՆՔ ՄԻՆՉԵՒ ՄԱՀ:

Մարդիկ կան, որոնք հարկ եղած դիմադրականութիւնը չունին, հետեւաբար չեն կրնար կենակցիլ վէրքին հետ. եղան այդպիսիներ եւ այս դաժան վէրքը տարաւ ենթական,  կան ուրիշներ, որոնք վէրքերը կ'ուզեն բանալ որ զովանան, ոմանք կը ծածկեն, խորհելով որ այլք` ինչ գործ ունին իրենց վէրքերուն հետ: Բնաւ չմեղադրենք վիրաւորները, յարգանք իրենց անձին: Չէ որ ամէն մարդ նոյնը չէ, Աստուած մեզ իւրայատուկ ստեղծած է: Հետեւաբար հանդուրժողութիւնն ալ` իւրայատուկ է ամէն անհատի: 

Այս որպէս հաւաքական ՑԱՒ, հոգեկան ՎԷՐՔ, խոր վէրքեր պիտի տանինք հաւաքաբար։

Իսկ կան բարոյական վէրքեր՝  ընկերային վէրքեր, տնտեսական վէրքեր,  որոնք բնաւ հոգեկանին չեն նմանիր,  ինչ որ անդարմանելի է կամայ` թէ ակամայ, ընդունինք կամ ո'չ անոնք հոն են եւ գիշեր ու ցերեկ մեզ անհանգիստ կ'ընեն, մղձաւանջներ կը պատճառեն, եւ մենք դարման չունինք: Իսկ միւս վէրքերը,  մեր աննկուն կամքէն կախեալ են: Եթէ ուզենք մեր բարոյական վէրքերը բաց պահել, մեր ընկերային վէրքերը խորացնել, տնտեսական վէրքերը ուրիշին խնամքին յանձնել,  պիտի մնան վէրքեր, հոսող վէրքեր, ցաւող վէրքեր, բորբոքող վէրքեր, ինչ որ մեր ազգային նկարագրին խոտոր են, մենք բարոյական բծախնդրութիւն ունեցող ազգ ենք, պիտի չյօժարինք այդ վէրքը բաց պահել, անպայման դարմանը փնտռելու ենք եթէ պէտք է` հաւաքաբար եթէ հարկ է, երբեմն ճնշելով, պարտադրելով, նոյնիսկ ոյժի դիմելով,  որովհետեւ այս մարզը կը վնասէ մեր ազգային հաւաքական շահերուն եւ վարկին: Մենք չենք կրնար հանդուրժող ըլլալ, պատերազմի հետեւանքով բարոյական անկումի "վէրքին" պատրուակով:  Մենք չենք կրնար ընկերային մարզի մէջ բացուած վէրքերը բաց պահել եւ կամ հոսող վէրքի վերածել: Մեր Փոքր ածուն կարող չէ այդպիսի անկումներ հանդուրժել: Մեր մշակոյթի դիմագիծը անարատ պէտք է պահենք ի հեճուկս տիրող անողոք պատերազմին։ Մեր հաւատքի օճախները, մեր եկեղեցական կեանքը, ծանր վէրքեր կրեցին, բայց ժողովուրդը հարկ է դարմանէ այդ վէրքերը անյապաղ:

Մեր տնտեսական վէրքերը անբացատրելիօրէն ծանր էին, նոյնիսկ կրնանք ըսել անդամահատուած էր ժողովուրդին այս մարզը: Այս վէրքը խիստ վտանգաւոր եւ մահացու է եւ ճիշդ անոր համար մարդիկ նախ եւ առաջ այդ վէրքը ամէն գնով գոցելու, դարմանելու եւ անոր հետեւանքները կանխելու կը փութան: Հոս է վտանգը, մանաւանդ երբ նպատակիդ հասնելու համար կը դիմես ԱՄԷՆ միջոցի, արագ դարմանելու, կորսուածը շուտով վերագտնելու, եւ այդ վազքին մէջ կը զոհուին բարոյականը, ընկերայինը, մշակութայինը, հաւատքը...ու շարքը երկար է այս վտանգաւոր վէրքին պատճառած բարդութիւններուն։ Քեսապցին պահելու է իր վեհանձնութիւնը, մեր նախնիք տառապած են, բայց աշխատանքով յաղթահարած: Ուրիշին ինչքը մեզ չեն կրնար հարստացնել, մեր արդար աշխատանքը միայն կրնայ մեր վէրքը բուժել: Չենք կրնար վստահիլ օժանդակութիւններու, այդ`հարկաւոր է գէթ ֆիզիքական գոյատեւման համար, բայց ՎԷՐՔ  ՉԻ ԲՈՒԺԵՐ: Շատ լաւ հասկնալի է, որ վիրաւորը արագ դարմանում կ'ուզէ, բայց կարելի չէ նոր վէրքեր բանալ` բացուած վէրք մը բուժելու համար:

Շատ ժողովուրդներ պատերազմներու կ'ենթարկուին եւ անոր հետեւանքները անծանօթ չեն: Մենք` կարծես ազգովին այս անողոք ճակատագրին ենթակայ ենք,  բայց այդ ալ մեզի սորվեցուցած է աննկուն կամք ունենալ, չընկրկիլ աշխատանքին եւ յոգնութեան բեռին տակ: 

ՊԱՏԱՀԱԾԸ եւ ԺԱՄԱՑՈՅՑԻ ՍԼԱՔՆԵՐԸ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԵՏ ԴՍՐՁՆԵԼ: Ճափոնցիք մեզ նման շատ պատուհասներ կրած են եւ սորված են մոխիրէն ոտքի ելլել եւ նո'ր աւելի լաւը կառուցել. անոնք միշտ կ'ըսեն` պատուհասները, մանաւանդ տնտեսական կորուստները, առիթ են մտածելու ընթացիկէն դուրս գալու համար, մտածելու` նորին մասին, արձակուրդ է, նոր կորով հաւաքելու: 

Սիրելի համագիւղացի'ք, եղբայրաբար կու գամ խնդրելու,  մէկը միւսին վէրքը խորացնել չփորձէ, ամէն մարդ իր տեսակաւոր վէրքերը ունի, բաւ է իրեն իր ցաւը. աշխատինք թեթեւցնել եւ ոչ` հակառակը: Մեր վէրքերուն բուժումը ուրիշին վէրքը խորացնելուն մէջ չփնտռենք, մեր ցաւերը թեթեւցնելու սիրոյն ազգին ցաւեր չբանանք, մեր ընկերային կառոյցը եւ վարկը բարձր պահենք, մեր բորբոքած վէրքերը ամոքելու համար մեր հաւատքը, բարոյականը, չզոհենք։ Այս ձախորդ օրերը անպայման անցնելու են. համբերենք:

Մենք անդարմանելի հոգեկան վէրքեր պիտի կրենք անպայման մեր բոլոր կեանքի ընթացքին, միայն թէ ջանանք մէկզմէկ մխիթարելով մեր վէրքերուն հով տալ զովացնելու անդարմանելին, որովհետեւ բոլորս վիրաւոր ենք անխտիր։

Քեսապի կարօտով եւ խոր ու անդարմանելի վէրքերով վիրաւոր`

Ստեփան Աբէլեան

Միացեալ Նահանգներ