image

«Քեսապի փորձանք»ը որո՞ւ ձեռագիրը կը կրէր. Ստեփան Աբէլեանի գրառումին հետքերով (Լուսանկարներ)

«Քեսապի փորձանք»ը որո՞ւ ձեռագիրը կը կրէր. Ստեփան Աբէլեանի գրառումին հետքերով (Լուսանկարներ)

Քեսապի «վէրք»ը կը շարունակէ առանցքային մնալ, ոչ միայն իրենց ծննդավայրէն ստիպուած կերպով հեռացած մեր հայրենակիցներուն, այլ բոլոր անոնց համար, որոնք ճանչցած ու սիրած են Սուրիոյ սրտին վրայ ծաղկած այդ կտոր մը հողը։

Քեսապն արդարեւ Լիբանանի Այնճար աւանի կողքին եւ հակառակ բազում դժուարութիւններու կը շարունակէ իր երթը։

Տնտեսական, գիւղական եւ նոյնիսկ ընկերային խնդիրներու առընթեր, քեսապցիք միակամ կերպով կը պայքարին ու իրենց նկարագրի հիմնարար գծով՝ կը շարունակեն «քարէն հաց հանել»։

Այս բոլորին զուգահեռ, Քեսապի մէջ եղած դէպքերը՝ ահաբեկիչներու գրոհն ու մեր հայրենակիցներու տեղահանութիւնը, կը շարունակեն մնալ շատերու «սրտին ցաւ»ը։

Այս առումով ալ, վերյիշելով 2014 թուականին Քեսապը պատուհասած դէպքերը, ստորեւ կը վերահրապարակենք քեսապցի մեր հայրենակիցներէն տիար Ստեփան Աբէլեանի գրչին պատկանող գրառումը, որ ան կատարած է 2015 թուականին։

«Քեսապի վէրք»ը իր առանցքներով կը շարունակէ մնալ «արիւնող վէրք» մը, այնքան ժամանակ, որ մենք կը շարունակենք անտարաբերութիւն ցոյց տալ մեր պատմութեան բոլոր մակարդակի «դասեր»ուն։

 

 

 

Ստորեւ գրառումը՝ 

Իմ կարծիքով, պարզապէս թրքական նկարագրի արտայայտում է, մի քանի երեւոյթներ, կարգ մը բացատրութիւններ կրնան ենթադարել տալ այդ:

Նախ արշաւին անուանակոչումը «Ալ Անֆալ» ինչ որ կրօնական բացատրութիւն ունի եւ իմաստը՝ կողոպուտ, թալան, աւեր, առեւանգում...ինչ որ ճշգրտօրէն գործադրուեցաւ. ապա Քեսապ որպէս հայկական աւան Թուրքիոյ քթին տակ հանդուրժելի չէր օրէն, հետեւաբար այս սուրիական վիճակը յարմարագոյն առիթն էր, որ կեանքի բոլոր ազդակները, հիմքերը, ենթակառոյցը քանդել, շուկան, առեւտրական բոլոր կառոյցները՝ պանդոկներ, Ճաշարաններ, խանութներ հրկիզեն կողոպտելէն ետք: Ազգային եւ կրօնական, կրթական եւ մշակութային բոլոր կառոյցները անխտիր կործանուած են, հրկիզուած եւ անշուշտ թալանուած: Պարտէզները, երկրագործական գոյքերը, գործիքները, մեքենաները նմանապէս թալանուած եւ հրկիզուած: Այսինքն մէկ խօսքով՝ ամէն ինչ: Բնակարաններն ալ բոլորովին կողոպտուած, իսկ այն գոյքերը, որոնք դժուար փոխադրելի էին ջարդուած ու քանդուած։

Այս բոլորը յստակ տուեալներ են կեանքի հիմնական բոլոր աղբիւները եւ եկամուտի միջոցները չորցնելու երկար տարիներ կեանք չկարենալ ստեղծելու համար այդ աւանին մէջ: Զինուորական ոչ մէկ իրագործում,  ռազմավարական ոչ մէկ օգուտ:

Ինչ որ մենք մտահոգուած էինք, որ օտար գաղթականներ կրնան բնակեցնել հազարաւոր պարապ բնակարաններուն մէջ մօտակայ Օրտուէն, ուր հսկայ վրաններու քաղաքներ կան գաղթականներու, որոնց կեանքի պայմանները խիստ տխուր են, այդ մեր մղձաւանջը փառք Աստուծոյ չպատահեցաւ, ուրեմն ինչ իրականացաւ ռազմականօրէն, երբ Քեսապը արդէն զինեալ վտանգ մը չէր ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ ալ ընդիմադիրներուն:

Մեր գիւղին գործաւոր դասակարգը մօտաւորապէս 90 տոկոսը թիւրքմէններ էին, միշտ նախանձով եւ կիրքով կը վարուէին, երբեմն թաքուն սպառնալիքներով: Այդ հատուածը, որպէս թէ ազատութիւն եւ արժանապատւութիւն պահանջող այսպէս կոչուած սուրիական յեղափոխութեան հատուածին միացան Թուրքիա փախելով, պարպեցին մօտակայ բոլոր թիւրքմէն գիւղերը, կանուխէն կծիկ դնելով, մէկ առ մէկ, այնպէս որ մարդ չանդրադարձաւ, մինչեւ Քեսապ գտնուողները վերջինները եղան փախելու, որոնցմէ էին իմ գործաւորները:

Այս նրբութիւնները եւ մանրամասնութիւնները մեզ միշտ կասկածի մէջ թողած էին այդ անհիմն յեղափոխութիւն կոչուած ոճրային քայլին նկատմամբ: Այդ թիւրքմէններէն շատեր մեզի հետ կապուելով՝ իրենց գործատէրերուն իմացուցած էին թէ շուտով պիտի գան եւ տէր դառնան մեր ինչքերուն եւ ստացուածքին, այս բաները բացէն ի բաց կ'արտայայտէին:

Երբ Քեսապը ինկաւ, քեսապցիներէն շատեր իրենց տուները հեռաձայնով կապուեցան եւ պատասխանողները մեր գործաւորներն էին...Թող դարձեալ մեզ համոզեն որ Սուրիոյ նախագահին յանցանքն էր այս փորձանքը: