Երէկ գրանցուած հրթիռարձակումներէն ետք սպասողական իրավիճակ կը տիրէ Քեսապ հայկական գիւղաւանին մէջ։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քեսապէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ երէկ երեկոյեան չորս հրթիռներ ինկած են գիւղի անտառային շրջաններուն մէջ, մինչ երեք հրթիռներ պայթած են, անդին մէկ հրթիռ մխրճուած է հողին մէջ։
Կը նշուի նաեւ, որ գիւղին ուղղութեամբ կատարուած այս գրոհները կապ ունին Իտլիպ շրջանի վերջին զարգացումներուն հետ, ուր սուրիական բանակը մեծ յառաջխաղացք կ՚արձանագրէ։
Ի դէպ վերջին ամիսներուն գիւղին մէջ տիրող անդորրին շնորհիւ մեծ թիւով օտար զբօսաշրջիկներ ժամանած են Քեսապ, որոնցմէ կարեւոր մաս մը երէկ տեղի ունեցած զարգացումներէն ետք արդէն իսկ հեռացած է գիւղէն։
Ներկայիս իրավիճակը սպասողական է եւ յատկապէս Քեսապ գիւղի Սուրիա-Թուրքիա սահմանային հատուածէն մերթ ընդ մերթ մեծ պայթումի ձայներ կը լսուին։