image

Քազանի մէջ մեկնարկած է «Պրիքս»-ի գագաթնաժողովը Փութինի նախագահութեամբ նեղ կազմով նիստը

Քազանի մէջ մեկնարկած է «Պրիքս»-ի գագաթնաժողովը  Փութինի նախագահութեամբ նեղ կազմով նիստը

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը Քազանի մէջ բացած է «Պրիքս»-ի ղեկավարներու նեղ կազմով նիստը, որու շրջածիրէն ներս մասնակիցները պիտի քննարկեն առանցքային հարցեր, ներառեալ ազգային արժոյթներով վճարումներու ընդլայնումը: Այս մասին յայտնած է vz.ru-ն:

Ռուսիոյ նախագահի բացման խօսքէն ետք հանդիպումը պիտի շարունակուի փակ դռներու ետին։ Եռօրեայ գագաթնաժողովի հիմնական իրադարձութիւններն են նեղ եւ ընդլայնուած կազմով հանդիպումները։ Հանդիպման աւարտին պիտի ընդունուի Քազանի հռչակագիրը։

«Պրիքս» խումբը ստեղծուած է 2006 թուականին Պրազիլիոյ, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի կողմէ, իսկ Հարաւային Ափրիկէն միացած է 2011 թուականին: 2024 թուականի յունուարէն Եգիպտոսը, Իրանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սէուտական Արաբիան եւ Եթովպիան դարձած են խումբի լիիրաւ անդամներ։ Քազանի գագաթնաժողովը դարձած է Ռուսիոյ մէջ համաշխարհային առաջնորդներու ամենամեծ հանդիպումներէն մէկը։