Քաթար հաւաստիացուցած է Միացեալ Նահանգներուն, որ պաղեստինեան «Համաս» շարժման ներկայացուցիչները պիտի մասնակցին Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի շուրջ բանակցութիւններուն, որոնք պիտի կայանան 15 օգոստոսին Տոհայի մէջ։
Այս մասին լրագրողներուն համար հերթական ճեպազրոյցին ըսած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Վետանթ Փաթել, հաղորդած է ԹԱՍՍ։
«Մեր քաթարցի գործընկերները մեզի հաւաստիացուցած են, որ «Համաս»-ի ներկայացուցիչները ներկայ պիտի ըլլան, եւ ես, ի հարկէ, թոյլ պիտի տամ, որ անոնք խօսին այդ մասին։
Բացի այդ, ես չեմ պատրաստուիր մանրամասնել», - ըսած է ան։
Փաթել աւելցուցած է, որ Ուաշինկթըն յոյս ունի, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին:
«Մենք հաստատ կ'ակնկալենք, որ բանակցութիւնները կ'ընթանան այնպէս, ինչպէս պէտք է», - ընդգծած է ան:
Յիշեցնենք, որ Նաթանիահուն հաստատած է Իսրայէլի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը Կազայի հատուածի շուրջ հրադադարի բանակցութիւններուն։
Յիշեցնենք նաեւ, որ Եգիպտոս, Քաթար եւ ԱՄՆ կոչ ըրած են Իսրայէլին եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժման 14-15 օգոստոսին վերսկսելու հրադադարի շուրջ քննարկումները։