image
Հրատապ լուրեր:

Քաշքշուք Երեւանի «Ֆիզգորոդոկ» թաղամասին մէջ (Տեսանիւթ)

Քաշքշուք Երեւանի «Ֆիզգորոդոկ» թաղամասին մէջ (Տեսանիւթ)

«Նիւզ.ամ» կայքէն կը կարդանք, որ Երեւանի Ալիխանեան եղբայրներ փողոցի 6/1 հասցէին վրայ, առաւել յայտնի որպէս «Ֆիզգորոդոկ», այսօր՝ 20 օգոստոսին, քաշքշուկ եղած է քաղաքացիներու եւ ոստիկաններու միջեւ։ Իրավիճակը այնքան լարուած  եղած է, որ  միջադէպէն ետք, երբ պարեկային ծառայողներու մեքենան արագ ընթացքով հեռացած է, բնակիչները ետեւէն վանկարկած են «թուրքեր»։

Այդ տարածքին մէջ այս օրերուն կ'ընթանան  բարձրայարկ շէնքի կառուցման շինարարական աշխատանքներ, սակայն բնակիչները կը պնդեն, որ գործընթացը հակաօրինական է։

«Խաբեութեամբ այս տարածքը սեփականաշնորհել են, հիմա ուզում են 14 յարկանի շէնք կառուցեն ու ապականեն ամբողջ տարածքը»,– ըսած է բնակիչներէն մէկը։

Դիմատետրեան օգտատէր Վարդան Յարութիւնեանը իր էջին միջադէպի տեսանիւթը տեղադրած է։