image

Քաշքշուկ՝ Ազգային ժողովէն ներս. պատգամաւորները հարուածած են իրար

Քաշքշուկ՝ Ազգային ժողովէն ներս. պատգամաւորները հարուածած են իրար

Hraparak.am-ի հաղորդմամբ՝ քիչ առաջ Ազգային ժողովի Պետաիրաւական մշտական յանձնաժողովի փակ նիստին միջադէպ տեղի ունեցած է ընդդիմադիր եւ իշխանական պատգամաւորներու միջեւ։ Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ քաշքշուկ եղած է, պատգամաւորները նոյնիսկ հարուածած են իրար:

Նշենք, որ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը «Ազատութեան» ըսած էր, որ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅ Դաշնակցութեան անդամ Մհեր Սահակեանը քննարկման ժամանակ յարձակած է Վլատիմիր Վարդանեանի վրայ, մարմնական վնասուածք պատճառած։