image
Հրատապ լուրեր:

«Քարանթին»ի խնդրով նոր պայմաններ

«Քարանթին»ի խնդրով նոր պայմաններ

Կառավարութիւնը իր այսօրուայ՝ Մարտ 7-ի նիստին որոշեց Հայաստանի քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ անոնց` ՀՀ քաղաքացի չհանդիսացող ընտանիքի անդամներուն` հանրապետութեան տարածք մուտք գործելէ յետոյ, մեկուսացման 14 օրացուցային օրը փոխարինել 10 օրացուցային օրով:

Որոշումով նաեւ սահմանուեցաւ, ըստ որի` մեկուսացման ժամանակահատուածին ՊՇՌ հետազօտութեան նմուշառման օրուընէ հաշուած 7-րդ օրը մեկուսացուած անձեր իրենց նախաձեռնութեամբ կրնան կատարել ՊՇՌ հետազօտութիւն եւ բացասական արդիւնքի պարագային դուրս գալ մեկուսացումէն:

Որոշմամբ նաեւ կը սահմանուի, որ ՀՀ տարածք օդային եւ ցամաքային սահմանային անցման կէտերով մուտք գործելու ատեն, հիւանդութեան ներբերման եւ տարածման կանխարգելման, ինչպէս նաեւ արագ յայտնաբերման նպատակով` ընդունելի պիտի ըլլայ նաեւ «Քովիտ»ի հիւանդութեան յարուցիչի հակածնի յայտնաբերման արագ ախտորոշիչ քննութեան բացասական արդիւնքը հաւաստող տեղեկանքը, որ պիտի նուազեցնէ նաեւ ֆինանսական բեռը: