Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս դեմոկրատներու կողմէ բաւականաչափ աջակցութիւն ունի՝ որպէս Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուելու համար: Այս մասին կը վկայէ Associated Press-ի հարցումը։
Նախընտրական շտաբէն աղբիւրը հաստատած է Reuters-ին, որ Հարիս ստացած է անհրաժեշտ մակարդակի աջակցութիւն: Որպէս նախագահի թեկնածու հաստատուելու համար Հարիսին անհրաժեշտ էր 1976 դեմոկրատ պատուիրակի ձայն: Ըստ AP-ի թարմացուած հարցման՝ անոր օգտին պատրաստ է քուէարկելու 2,668 պատուիրակ։
Հարցուածներէն ոչ մէկն այլ թեկնածուի անուն նշած է։
Միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ հարցումը պաշտօնական չէ, եւ պատուիրակները կրնան օգոստոսին կայանալիք համագումարի ընթացքին ընտրել որեւէ առաջարկուող թեկնածու:
Ճօ Պայտըն յուլիս 21-ին յայտարարած էր նախագահական մրցապայքարէն դուրս գալու մասին՝ աւելցնելով, որ կը սատարէ փոխնախագահ Քամալա Հարիսին որպէս Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու։
Այս յայտարարութենէն ետք առաջին 24 ժամուան ընթացքին Հարիսի շտաբը հաւաքած է մրցանշային 81 միլիոն տոլար նուիրատւութիւն: