image

Քաղբանտարկեալ Նարեկ Մանթաշեանը ծանր վիճակի մէջ է. Ան փոխադրուած է հիւանդանոց

Քաղբանտարկեալ Նարեկ Մանթաշեանը ծանր  վիճակի մէջ է. Ան փոխադրուած է հիւանդանոց

«Այլընտրանք» ՀԿ ղեկավար Նարեկ Մանթաշեանը տեղափոխուած է հիւանդանոց:

«Նոր տեղեկացայ, որ քաղբանտարկեալ Նարեկ Մանթաշեանը ծանր վիճակով տեղափոխած են հիւանդանոց», այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է փաստաբան Ալեքսանտր Գոչուպաեւը:

Նշենք, որ «Դիմադրութիւն» շարժումը այսօր վաղ առաւօտէն անհնազանդութեան գործողութիւններ կը կատարէ` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով:  Երեւանի տարբեր հատուածներուն մէջ  անոնք փողոցներ փակած էին: