«Այլընտրանք» ՀԿ ղեկավար Նարեկ Մանթաշեանը տեղափոխուած է հիւանդանոց:
«Նոր տեղեկացայ, որ քաղբանտարկեալ Նարեկ Մանթաշեանը ծանր վիճակով տեղափոխած են հիւանդանոց», այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է փաստաբան Ալեքսանտր Գոչուպաեւը:
Նշենք, որ «Դիմադրութիւն» շարժումը այսօր վաղ առաւօտէն անհնազանդութեան գործողութիւններ կը կատարէ` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով: Երեւանի տարբեր հատուածներուն մէջ անոնք փողոցներ փակած էին։