ՀՀ քաղաքաշինութեան կոմիտէի աշխատակազմը միացած է «Գիւմրին առանց տնակներու» հիմնադրամի բարեգործական նախաձեռնութեան:
«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրած է կոմիտէի ղեկավարի մամուլի խօսնակ Ճեմմա Համբարձումեանը:
«Վահագն Վերմիշեանի գլխաւորութեամբ՝ ՀՀ քաղաքաշինութեան կոմիտէի աշխատակազմը միացած է «Գիւմրին առանց տնակներու» հիմնադրամի բարեգործական նախաձեռնութեան: 15 000 մասէ կազմուած փազըլի մէկ կտորը, Վահագն Վերմիշեանը առաջարկած է գնել նշուած 1000 դրամի փոխարէն կրկնակի՝ 2000 դրամով»,- գրած է Համբարձումեանը:
«Գիւմրին առանց տնակներու» հիմնադրամը նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է, որ կ'օգնէ գիւմրեցի 1 կամ 2 անօթեւան ընտանիքի բնակարան ունենալ: 15 000 կտոր ունեցող փազըլի վերածուած է գիւմրեցի նկարիչ, փրոֆեսըր, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Սուսաննա Մկրտչեանի «Իմ հոգու տուն, Գիւմրի» շարքի նկարներէն մէկը: Մինչեւ սեպտեմբեր 21-ը 15 000 մասէ կազմուած փազըլի մէկ կտորը 1000 դրամով գնել ու Գիւմրին տնակներէն ազատել ու բարեգործական նախաձեռնութեան միանալ կրնան բոլորը:
Փազըլի առաջին 9 կտորը գնած է ՀՀ վարչապետը, վերջին կտորը եւս Նիկոլ Փաշինեանինն է, որ անձամբ պիտի տեղադրէ վերջին մասնիկը սեպտեմբեր 21-ին: