image

Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի գործով նախաքննութիւնը կը մօտենայ աւարտական փուլին․ Քննչական Կոմիտէի նախագահ

Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի գործով նախաքննութիւնը կը մօտենայ աւարտական փուլին․ Քննչական Կոմիտէի նախագահ

ՀՀ քննչական կոմիտէի ձեւաւորման 10–ամեակի առթիւ Սիւնիքի մարզին մէջ կազմակերպուած յոբելեանական միջոցառումները շարունակուած են։

ՀՀ ՔԿ նախագահ Արգիշտի Քյարամեան այցելած է Քաջարան քաղաք, ուր եղբայրական գերեզմանատան մէջ յարգանքի տուրք մատուցած հերոս նահատակներու շիրիմներուն։ Այնուհետեւ Քաջարանի մշակոյթի տան դահլիճին մէջ կայացած քննչական կոմիտէի 10–ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին ելոյթ ունեցած է: 

ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քյարամեան շնորհաւորած է Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան ծառայողները եւ ներկաները, ապա ներկայացուցած Կոմիտէի ձեւաւորման պատմաքաղաքական նախադրեալները եւ հետապնդած նպատակները։

Կոմիտէի նախագահն արժեւորած է յատկապէս զինուած ուժերուն մէջ զինուորական ծառայութեան կարգի դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ Ատրպէյճանի կողմէ 2020-ի սեպտեմբերին սանձազերծուած պատերազմի եւ անոր յաջորդած յարձակողական դէպքերու քննութեան հարցին մէջ ՀՀ ՔԿ Զարգացման քաղաքականութեան գործառնութեան (ԶՔԳ) վարչութեան ունեցած ահռելի եւ անուրանալի ներդրումը: 

«Այսօր կարող ենք արձանագրել, որ իրականացուած մեծածաւալ ապացուցողական եւ վարութային գործողութիւնների արդիւնքներով, բոլոր ուղղութիւններով, պարզուել են ծաւալուած մարտական գործողութիւնների հիմնական փաստական եւ արարքներին իրաւական գնահատական տալու համար անհրաժեշտ բոլոր էական հանգամանքները, եւ նախաքննութիւնը մօտենում է աւարտական փուլին»,- իր ելոյթով նշած է Արգիշտի Քյարամեան:

ՀՀ ՔԿ նախագահը նաեւ անդրադարձած է համակարգի զարգացման ու հզօրացման ուղղութեամբ Կոմիտէի ղեկավարութեան կողմէ վարուող քաղաքականութեան ու ակնկալիքներուն՝ նշելով, որ հետեւողական աշխատանք կը տարուի՝ համակարգի նախաքննական լիազօրութիւններ իրականացնող բոլոր մարմիններուն մէջ նախաքննութեան կազմակերպման եւ իրականացման սկզբունքները, նախաքննութեան ծրագրման մեթոտներն ու ձեւերը միասնականացնելու, քննչական ստորաբաժանումներու կեդրոնացուած ղեկավարումն ուժեղացնելու, Կոմիտէի կառուցուածքը կատարելագործելու եւ քննչական մարմիններու գործունէութեան համակարգման մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ։